
Ժողովի մը ընթացիկ օրակարգերու քննութիւնը անշուշտ խիստ անհրաժեշտ է, քանի այդ օրակարգերուն մէջէն կը բխի անմիջական ընելիքներու յստակ տարազումը: Տաղտկալի սովորութիւն կը դառնայ այդպիսի խնդիրներու շուրջ յաճախ նոյն՝ քառամեակներու ընթացքին կրկնուող արտայայտութիւնները ունենալն ու լսելը, երբեմն նոյնիսկ անցեալին առնուած, բայց՝ այս կամ այն պատճառով չգործադրուած որոշումներու յուսահատեցնող յաճախականութեամբ վերարտադրութիւնը: Այդպիսի երեւոյթներ անխուսափելի են հոսող հաւաքական…