«Դրօշակ»ի մասին

Հ.Յ.Դ. ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԴՐՕՇԱԿ»Ը

«Դրօշակ» պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Սկսած է հրատարակուիլ 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ, նոյնինքն կուսակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի խմբագրութեամբ: Ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքի պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի մէջ պարբերաբար քանի մը համարներու անկանոն հրատարակութենէն ետք, Քրիստափոր թերթը տեղափոխած է նախ Պալքաններ, ապա՝ վերջնականապէս Ժընեւ, ուր անխափան եւ կանոնաւոր պարբերականութեամբ (երկամսեայ, նաեւ՝ ամսական, երկշաբաթեայ) հրատարակուած է 1892-էն մինչեւ 1914:

Սկզբնական տարիներուն «Դրօշակ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը ստանձնած են յաջորդաբար Քրիստափոր, Ռոստոմ, Յոնան Դաւթեան եւ հիմնադիր սերունդի այլ ծանօթ դէմքեր: Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ Կովկասէն ստացուած ու Հ.Յ.Դ. յեղափոխական գործունէութեան վերաբերեալ թղթակցութեանց կողքին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը դարձած է Դաշնակցութեան աշխարհայեացքն ու ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը զարգացնող նիւթերու: 1897-էն սկսեալ Միքայէլ Վարանդեան վարած է թերթին խմբագրութիւնը մինչեւ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան առաջին այս հանգրուանին աւարտը 1914ին, երբ Ա. Աշխարհամարտի հետեւանքով դադրած է թերթին հրատարակութիւնը:

«Դրօշակ»ի վերահրատարակութիւնը սկսած է 1925-ին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմական տարողութեամբ մեծ իրադարձութիւններէ՝ Եղեռնէն, Հայաստանի անկախացումէն ու խորհրդայնացումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան տարագրութենէն ետք: Հրատարակուած է Փարիզի մէջ, խմբագրութեամբ Սիմոն Վրացեանի եւ խմբագրական օժանդակութեամբ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի: Մինչեւ 1933 շարունակուած եւ ապա ընդհատուած իր կանոնաւոր պարբերականութեամբ հրատարակութեան այս երկրորդ շրջանին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը եղած է Հանրապետութեան տարագիր սերունդին եւ լոյս ընծայած է Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակին վերաբերեալ քաղաքական, գաղափարախօսական եւ ազգային-վերլուծական յօդուածներ, Երկրէն թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան միջեւ ծաւալած գաղափարական պայքարին առընչուող նիւթեր:

Այնուհետեւ, աւելի քան 35 տարուան ընդհատումէ մը ետք, 1969-ի Դեկտեմբերին վերսկսած է «Դրօշակ»ի հրատարկութիւնը Լիբանանի մէջ՝ այս անգամ արդէն իբրեւ շաբաթաթերթ: Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եղած է վարիչ խմբագիրը, իսկ Սարգիս Զէյթլեան՝ խմբագիրը: 1978-էն մինչեւ 1985-ի Մարտի իր առեւանգումը, խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը վարած է Սարգիս Զէյթլեան: Այս շրջանին Հ.Յ.Դ. Պաշտօնաթերթը ունեցած է զուտ ազգային-քաղաքական եւ գաղափարախօսական-տեսական շաբաթաթերթի նկարագիր:

1986-էն մինչեւ 1996, «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը տեղափոխուած է Աթէնք, Յունաստան՝ վերածուելով երկշաբաթաթերթի: 1996-ի Յուլիսին, թերթի խմբագրութիւնը վերադարձած է Լիբանան, բայց տպագրութիւնը շարունակուած է Աթէնքի մէջ: 1999 Փետրուարին, պաշտօնական գրանցում ստանալով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը փոխադրուած են Երեւան: Ներկայիս «Դրօշակ» ընթերցողին կը ներկայանայ տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով:

Իր հրատարակութեան տարբեր շրջաններուն «Դրօշակ» ունեցած է նաեւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով) յաւելուածներ, ինչպէս նաեւ՝ իր անունով մատենաշար:

Տպել Տպել