Մենք կեդրոն չունինք, Դուք էք բուն ղեկավարը

ԽՈՀԵՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

…պարոն Աշուրը, անսահման գոհ ժպիտով, մրթմրթում էր․
«Քոքը աղէկ դրեր իմ, մաշալլա՜հ․․․»։
(Վահան Թոթովենց, «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ»)

Ընկալեալ սովորութիւն է, որ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներուն նախորդող տարին իւրատեսակ խանդավառութիւն առաջացնէ մեր շարքերուն, համակիրներուն եւ հակակիրներուն մօտ։ Պիտի ըսէի նաեւ անտարբերներուն մօտ, սակայն այդպիսի էակի չեմ հանդիպած կեանքիս աւելի քան 5 տասնամեակներու ընթացքին։ Չկայ հայ մը, որ անտարբեր ըլլայ Դաշնակցութեան նկատմամբ. հայը կ՚ըլլայ կամ շարքային դաշնակցական, կամ Դաշնակցութեան համակիր եւ կամ՝ Դաշնակցութեան հակակիր։ Թէ ինչո՞ւ այդպէս է, պիտի չխորանամ։ Այդպէ՛ս է եւ վերջ։ Պարզապէս ձեր չորս դին նայեցէք եւ պիտի տեսնէք. ա՛յ, օրինակ, Հայաստանի Հանրապետութեան համար այս ամենաբախտորոշ օրերուն, երբ ամեն օր նոր բացայայտում մը կը կատարուի «քննչական» մարմիններուն կողմէ, ներկայ իշխանութեան մօտիկ համարուող շրջանակներէն անհատներ պահ մը կը մոռնան, թէ Դաշնակցութիւնն ալ ներկայ իշխանութեան մաս կը կազմէ, եւ, յիշելով իրենց բոլշեւիկ պապիկներն ու տատիկները, Դաշնակցութիւնը կը յայտարարեն աշխարհի բոլոր յայտնի եւ անյայտ ցաւերուն պատճառը։ Անձամբ դիմատետր-միմատետրի հետ գլուխ չունիմ, բայց ունիմ բարեացակամ ընկերներ, որոնք վերջերս գրեթէ առօրեայ յաճախականութեամբ ինծի կը ծանուցեն այս կամ այն ֆէյսպուքագիրի նոր հայհոյանքներուն մասին, յուսալով տրամադրութիւնս փճացնել, սակայն բնածին լաւատես ըլլալով, իրենց յոյսերը միշտ ի դերեւ կը հանեմ։

Իսկ ի՞նչ է այս մարդոց փորին ցաւը։ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ ըրեր է իրենց, կամ իրենց նախնիներէն ոեւէ մէկուն, որ այդ աստիճանի թունաւոր մաղձ ունին Դաշնակցութեան հանդէպ։ Այնպիսի տողերու կը հանդիպինք, որոնց տակ մեծ խանդավառութեամբ պիտի ստորագրէին Գէորգ Աբովն ու Նաիրի Զարեանը՝ եթէ քիչ մը աւելի գրագէտ շարադրուած ըլլային։ Երբեմն նոյնիսկ Եղիա Նաճարեանը կը գերազանցեն։ Առարկայական պատճառներ կը փնտռես, չկան։ Ենթակայական պատճառներու մասին՝ թող հեղինակները իրենք ըսեն։ Բայց փաստն այն է, որ հակադաշնակցական մոլուցքը, փրփրաշուրթ հայհոյանքներու տարափը իր բարձրակէտին կը հասնի ամեն անգամ, երբ Դաշնակցութիւնը մտադրէ հաւաքուիլ եւ իր գործունէութեան յառաջիկայ քայլերը գծել, կամ պատրաստուի անոնց մասին ժողովուրդին մօտ իրազեկման աշխատանք տանիլ։

Բոլշեւիկեան հին հնարք է՝ ընդդիմախօսին ձայնը աղմուկով ու աղաղակով խլացնել։ Օրին այդ հնարքը լայնօրէն կը կիրառէր ՀՀՇ-ն, ընդդիմախօսներուն հանրահաւաքներու առաջին շարքերը լեցնելով «ԲՏՌ» կանանց լեգիոններով։ Անգամ մը այն աստիճան լկտիացան, որ Պարոյր Հայրիկեան ստիպուեցաւ զիրենք լռեցնելու համար պարզապէս «Մեր Հայրենիք»ը երգել։
Այդպէս եղաւ 1992-ին, երբ Դաշնակցութիւնը Ընդհանուր ժողով պիտի գումարէր Երեւանի մէջ, եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ջիղերը չդիմացան, չկրցաւ զսպել իր հակադաշնակցական մաղձը, եւ 1919-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ գումարուելիք Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովի բացումը շնորհաւորեց Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանը անբաղձալի տարր հռչակելով եւ երկրէն արտաքսելով։

Այդպէս եղաւ նաեւ 1994-ի դեկտեմբերի վերջին, երբ նոյն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը անգամ մը եւս տուրք տուաւ իր մաղձին եւ քայլ մը առաջ երթալով ընդհանրապէս արգիլեց Դաշնակցութեան օրինական գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, հաւանաբար այլ միջոց չգտնելով կասեցնելու Դաշնակցութեան հաւանական յաղթանակը 1995-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Այդպէս եղաւ նաեւ 1996-ին եւ այլն… Բոլշեւիկներու զաւակները գերազանցեցին իրենց հայրերը։ Հիմա հերթը հասած է թոռներուն, որոնք հրապարակներու վրայ հանրահաւաքային հին ձեւերէն աւելի արդիականներուն անցնելով, այսպէս կոչուած «սոցիալական» ցանցերը կ՚ողողեն զանազան ոռնոցներով, կաղկանձներով ու մլաւիւններով, որպէսզի արգիլեն մարդավարի տրամաբանական խօսակցութիւններու կայացումը։ Մի քանի օր առաջ հանդիպեցայ այդ գծով շատ դիպուկ որակումի մը. «փրփրաբերան ֆեյսբուքահաչ»։ Հոյակապ պատկեր։

Օրինակները բազմաթիւ են հակադաշնակցական մոլուցքի պարբերական բորբոքումներուն, եւ դժուար չէ նկատել, որ այդ բորբոքումները ունին քաղաքական յստակ ժամանակացոյց. անոնք կը պատահին երբ որոշակի հանգրուաններ կու գան, ուր Դաշնակցութեան խօսքը կրնայ ժողովուրդին մօտ իրենց համար «անկանխատեսելի» իրավիճակներ առաջացնել։ Այսինքն՝ երբ կը վախնան Դաշնակցութենէն։

Իսկ թէ ինչո՞ւ կը վախնան Դաշնակցութենէն։ Ուրկէ՞ կու գայ այդ արմատաւորուած, գրեթէ բնածին վախը, որ կը տածեն Դաշնակցութեան հանդէպ։ Ի՞նչ ըրեր է Դաշնակցութիւնը իրենց, կամ իրենց նախապապերուն, որովհետեւ նոր չէ այդ ատելութիւնը, այլ կու գայ «պատմութեան խորերէն»։ Մալխաս իր «Ապրումներ»ուն մէջ կը յիշէ 19-րդ դարի աւարտին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորակազմ գաղութներուն մէջ միջ-կուսակցական սուր, յաճախ ծեծկռտուքի հասնող պայքարներու մասին։ Ուստի, պէտք է երթալ մինչեւ ակունքը ամեն ինչի, մինչեւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարիները, որպէսզի փորձենք գտնել այդ վախի պատճառները։

* * *

Շատ տարիներ առաջ, մտերմիկ — ամերիկեան ձեւով ըսուած off the record — խօսակցութեան մը ընթացքին, ծանօթ մը զարմացական հիացմունքով կ՚ըսէր.

— Եղբայր, ասոր գաղտնիքը չեմ կրցած հասկնալ. Դաշնակցութեան հիմնադիրները այդ կազմակերպութեան հիմը ինչպէ՞ս դրած են, որ հակառակ ամեն փորձութիւններուն՝ արտաքին թէ ներքին, կազմակերպութիւնը տակաւին կը պահէ իր ուժականութիւնը։ Մարդոց կը նայիս՝ պարզ շարքային թէ ղեկավար, սովորական մարդիկ են, յաճախ ինձմէ ու քեզմէ ալ ապիկար։ Բայց երբ այդ կառոյցը կը գործէ՝ սարսափելի է. հսկայական պետութիւններ զայն ստիպուած հաշուի կ՚առնեն։ Վստահ եմ, որ թուրքերը շատ պիտի ուզէին այդ գաղտնիքը իմանալ. ահաւոր բան է իրենց համար ամեն քայլափոխի այդ կառոյցին բախիլ։ Իսկ համայնավարները ուղղակի խայտառակ եղան քանի մը տարին մէյ մը Դաշնակցութիւն թաղելով …

Պիտի խոստովանիմ, որ ծանօթիս զրոյցը բառացիօրէն չեմ արտագրած, որովհետեւ ան համեմուած էր մի քանի շիշ գարեջուրի օգնութեամբ յղացուած բազմաթիւ գունագեղ պատկերներով, որոնց տպագրուած տարբերակները տեսնելէ ընդհանրապէս կը խուսափինք։ Բայց վստահեցնեմ, որ ջանացի հնարաւորին չափ հարազատ մնալ իր մտքին։
Այն ատեն պարզապէս գլխու անորոշ շարժումներով պատասխանի մը պատրանքը ստեղծեցի, որովհետեւ չունէի յստակ պատասխան մը։ Ինքս տակաւին նոր էի կեանքի դպրոցէն ներս, եւ բոյնը նոր ձգած թռչունի նման զարմացական աչքերով կը փորձէի հասկնալ աշխարհ կոչուած առեղծուածը։

Բայց հարցումը մնաց մտքիս մէջ մեխուած։

Տարիներ անցան, երկիրներ անցայ, շատ մարդիկ տեսայ, տարբեր տարիքի, նկարագրի, ապրելակերպի, բարոյականի տէր, տարբեր մշակութային ենթահողերէ սերած հայեր, տարբեր քաղաքակրթութիւններու կրողներ … Տեսայ բարոյականի տէր ոճրագործն ու բարոյականէ զուրկ ոստիկանը, տեսայ յղփացած վաշխառուն ու անոր ճիրաններուն մէջ գալարուող որբեւայրին, տեսայ կտոր մը պանիր հացով ուրախ սեղանը եւ ամենաճոխ համադամներով զարդարուած ծանրաշունչ խնճոյքը որ հոգեճաշէ մը աւելի տխուր էր, տեսայ ինքնամոռաց ազատամարտիկն ու անոր դիակին վրայ աղեխարշ լացող մայրը, նոյն օրերուն տեսայ նաեւ սփիւռքահայ փերեզակ-զբօսաշրջիկը երեւանեան պանդոկի իր սենեակին մէջ երբ, կիսամերկ, ընտանիք-պատիւ-բարոյական կը քարոզէր քրտնաթաթախ սաւանով փաթթուած Տէրեան ու Չարենց արտասանող պոռնիկին, որուն անպէտք ամուսինը գլուխը առած փախած էր Վերխոյանսք կամ աւելի անարտասանելի անունով վայր մը…

Եւ հարցումը մտքիս մէջ կը շարունակէր մնալ մեխուած. ո՞րն է Դաշնակցութեան կենսունակութեան գաղտնիքը։

Արդեօք Դաշնակցութեան հազարաւոր յայտնի թէ անյայտ հերոսներու եւ նահատակներու աստղաբո՞յլն է պատճառը։ Քաւ լիցի. Դաշնակցութիւնը երբէք չէ ունեցած զոհաբերութեան ու նահատակութեան մենաշնորհը, ոչ ալ դոյզն ինչ կրնանք ուրանալ ոեւէ այլ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան զոհաբերութիւնները։ Իսկ եթէ Դաշնակցութիւնը միւս կազմակերպութիւններէն աւելի արիւն հեղած է հայութեան համար, այն չենք կրնար վերագրել բացառապէս իր գաղափարական գերակայութեան, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան վերաբերող բաժիններուն մէջ գաղափարական մեծ տարբերութիւններ չենք կրնար գտնել արմենականներուն, հնչակեաններուն եւ Դաշնակցութեան ծրագիրներուն միջեւ։ Գաղտնիքը, ուրեմն, պէտք է փնտռել իր շարքերը միւսներէն աւելի խտացնելու, աւելի յաջող զօրաշարժ առաջացնելու Դաշնակցութեան կարողականութեան մէջ։ Գաղտնիքը՝ Դաշնակցութեան կառոյցն է։

Ու յիշեցի «ամբողջական» դաշնակցականին՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերը, — անոր, որ Դաշնակցութեան զինանշանի բոլոր խորհրդանիշներն ալ իր անձին վրայ կը կրէր, ըլլալով թէ գրիչի, թէ սուրի մարդ, միաժամանակ աշխատանքէն ալ խուսափող մը չ՚ըլլալով։ Առաջին կարդալուս գուցէ շատ փոքր էի, եւ այդ էջերը տարբեր ակնոցով կը կարդայի, գուցէ անհրաժեշտ կենսափորձը չ՚ունէի երբ զանոնք երկրորդ, երրորդ թէ քանիերրորդ անգամ կը կարդայի։ Սակայն այս անգամ անդրադարձայ, որ պատասխանը Ռուբէնի գրիչին տակն էր տարիներէ ի վեր։ Լսենք զինք.

Օր մը Խոյի մէջ, 1904-ին, Նիկոլ (Դուման — Վ.Ա.) զիս կը խրատէր.

— Յեղափոխութիւն չկայ, երբ նրա համար պատճառ ու նպատակ չկայ: Պատճառն ու նպատակը անարժէք բաներ են, երբ նրանք իրագործելու համար ոյժ եւ կազմակերպութիւն չկայ: Ոյժն ու կազմակերպութիւնը վճռական են, եթէ նրանք հարազատ պատկերն են յեղափոխութեան նպատակներու եւ ժողովրդի շահերու: Այս մասին ես հաւաս (փափաք) չունիմ քեզ բացատրելու. երբ դու պատահիս Յովնանին, Քոթոթին (Ռոստոմ) , նրանք քեզի կ՚ըսեն։

Կարիք չկար զանոնք տեսնելու, քանի որ անոնց գործերու հետքերը նշմարելի էին։

1904 թուէն շատ առաջները, Վանի մէջ ծնուած Արմենական կուսակցութիւնը, ուռճացած եւ իր սահմաններէն ելած, տարածուեր էր Պարսկաստանի մէջ: Անոր վրայ աւելցեր էր ե՛ւ Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Այս կուսակցութեանց աչքառու դէմքեր՝ Խան-Ազատ, Ներսէս, Աւետիսեան, Փարամազ եւ այլք իրենց այցելութիւններով գրաւած էին հրապարակը եւ ժողովուրդին հարազատ դարձած: Ըստ երեւոյթին, նորածին Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար գործելու եւ տեղ գտնելու ասպարէզ պիտի չգտնուէր։ Սակայն, ասպարէզը գտնուեցաւ: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, ողջ Պարսկաստանի մէջ մենատիրութեան հասնող գերակայութիւն ձեռք բերեց Դաշնակցութիւնը շնորհիւ Ռոստոմի, որ գողթնեցի լինելով՝ ծանօթ էր այդ երկրին եւ շնորհիւ Յովնան Դաւթեանին, որ ղարադաղցի (Պարսկաստան) էր, Շուշի կրթուած:

Դաշնակցութեան այս երկու հիմնադիրներու մասին շատ քիչ բան գիտենք եւ մեր գիտցածն ալ ընդհանուր խօսքեր են։ Յովնանին հազիւ անունը գիտենք, թէեւ անոր եւ Ռոստոմի կազմած ծրագիրն ու կանոնագիրը աւետարանի պէս անգիր գիտենք: Այս տարօրինակ հիմնադիրները ուրուականների պէս կ՚երեւային Պարսկաստանի տարբեր վայրերու մէջ եւ յետոյ կը կորսուէին: Հրապարակ չէին ելլեր եւ ոչ կը քարոզէին, ոչ կը վիճէին եւ ոչ ալ կը գրէին: Միայն թէ՝ ուր որ անոնք կ՚այցելէին, իրենց ետեւէն կեանքը կ՚եռար, Դաշնակցութեան նորաստեղծ կազմակերպութիւն մը առաջ կու գար եւ Արմենական ու Հնչակեան կուսակցութիւնները կը հալուէին, կը չքանային գարնան ձիւներու նման: Պատճառը այդ արագ եւ շշմեցուցիչ յաջողութեան, այդ տարօրինակ վարպետներու գործին եւ մեր նպատակներուն մօտենալու ձեւին մէջն էր:

«Մենք կաթողիկոս չենք, որ քարոզիչ, վարդապետ, տէրտէր ունենանք։ Մենք կառավարութիւն չունինք, որ պարտադիր օրէնքներ տանք։ Մեր մէջ ոչ աղայ, ոչ ծառայ կայ, որ հրաման եւ պարտադրութիւն սպասենք։ Մենք՝ բոլորս հաւասար ենք, առանց սեռի, տարիքի, դաւանանքի, դասի, ծառայութեանց եւ զոհողութեանց խտրութեան: Մենք այս Դաշնակցութեան ծրագիրը, որ քանի մը էջ է, կարդացինք եւ հաւատացեալ դարձանք: Դուք մեզմէ ուսումով եւ խելացի, կը խնդրենք կարդաք եւ, եթէ սխալ է, մեզ տարհամոզեցէք, իսկ եթէ ճիշտ է, դարձէք մեզ պէս հաւատացեալ ու մեզ այդ մասին տեղեկացուցէք: Այս ալ կանոնագիրն է, որ ցրուած է հաւատացեալներուն՝ եղբայրութիւն մը, ոյժ մը, կազմելու համար: Արդ՝մենք կեդրոն չունինք, դուք էք բուն ղեկավարը: Մենք չունինք ոչ թագաւոր, ոչ իշխանութիւն, ոչ հեղինակութիւն, ոչ միջամտութիւն: Այդ բոլորի դերը ձեզի կը պատկանի: Մենք չունինք իւրաքանչիւր վայրի համար գործունէութեան պարտադիր նախագիծ: Այդ կախուած է ձեզմէ եւ ձեր նախաձեռնութենէն: Դո՛ւք պէտք է որոշէք ձեր ընելիքները տեղի պայմաններուն համաձայն: Մենք չունինք նիւթական, ֆիզիքական եւ այլ պարտադիր ձեւեր: Այդ որոշողը ձեր եղբայրութիւնը պէտք է լինի: Քանի որ այս բոլորը ձեզ կը վերաբերի եւ դուք անկախ էք, ձեր տուած որոշումները ձեզի համար պարտադիր պէտք է լինեն, իսկ մեզի համար՝ անխախտելի օրէնք։ Միայն մէկ բան պարտադիր է՝ ընդունիլ յեղափոխականներու ծրագիրը եւ կանոնագիրը անփոփոխ, ընդունիլ կամովին եւ ուխտել անոնց հաւատարիմ մնալ»…

Այս անվերապահ վստահութիւնը հանդէպ ուխտեալներուն, այս ապակեդրոն ձեւը սպանիչ էին հեղինակութեանց հմայքի վրայ յենուած կեդրոնաձիգ կուսակցութեանց համար, ինչպէս էին Արմենականութիւնը եւ Հնչակեանութիւնը։ Դաշնակցութիւնը իր կազմի անդամներուն բոլոր մասերով կը շնչէր ու կը մտածէր, եւ իբր հետեւանք ատոր, սունկի պէս կը բուսնէին Դաշնակցական կորիզները ինքնաբերաբար, իրենց բազմատեսակ ձեռնարկներով, դպրոցներով, զինական գործարաններով եւն.: Փաստօրէն Բիւրօն մէկ գործ ունէր ընելիք միայն, այն է՝ կապել տարբեր վայրերու կորիզները իրարու հետ եւ անոնց նախաձեռնութիւնները մէկ հունի մէջ բերել:

Այդ ձեւի կազմակերպութիւնը պարտական ենք ամենէն առաջ Յովնանին եւ յետոյ Ռոստոմին: Եւ ասիկա կը տանէր նախաձեռնութեան, յաղթութեան եւ գաղափարների տարածման:
Կազմակերպական այս ձեւը չէր տաներ անիշխանութեան, այլ իշխանութեան ապակեդրոնացման: Այդ ապակեդրոն մարմինները «Մասնաճիւղեր» չէին , այլ փաստօրէն անկախ միաւորներ՝ իրարու միացած Դաշնակցութեամբ եւ անոր ընդհանուր նպատակներով: Եւ ասիկա սպանիչ եղաւ միւս կազմակերպութեանց համար եւ պատճառ եղաւ նոր կուսակցութեան հզօրացման ու ծաւալման:

Կեդրոնաձիգ Հնչակեան կուսակցութիւնը արագօրէն տեղի կու տար ապակեդրոն նորածին Դաշնակցութեան առջեւ: Արմենական կուսակցութիւնը, Դաշնակցութեան երեւնալուն պէս, հալուեցաւ անոր մէջ: «Մարդասիրական» հրացանները, որոնք արդէն Վանի փոքրաթիւ Դաշնակցականներու գործածութեան առարկայ էին դարձած, իրենց վրայ դրոշմուած Դաշնակցական զինանշանով, զայն կը դարձնէին խորհրդաւոր եւ առասպելական։
(…)
Տարիներ յետոյ, 1909-ին, երբ Ժընեւի մէջ ծանօթացայ Յովնան Դաւթեանին, ան եւ իր հայացած կինը՝ Հորտանս, կը տառապէին թոքախտէ։ Յիշեցի Նիկոլի պատուէրը եւ հարցուցի Յովնանին մեր նպատակներու եւ կանոնագրի մասին:

— Ի՞նչ ասեմ քեզ: Մէկ խօսքով ասեմ , որ առանց ֆեդեռասիոնի ոչ մեր երկիրը եւ ոչ մեր ժողովուրդը կը փրկուին: Ես բան չեմ արել, միայն տեսածս եմ ըմբռնել։ Մեր կանոնագիրը պատկերն է ֆետեռասիոնի իրականացման: Եթէ աւելի ուզում ես հասկանալ, եկած ես Զուիցերիա, շուրջդ նայէ եւ դու կը համոզուես: Խաժակը եկաւ եւ համոզուեցաւ։

Նիկոլի ըսածին համաձայն, այս հիւանդ մարդը եւ Քոթոթը (Ռոստոմը), 1890 թուականներէն սկսած, ներշնչում կ՚ընէին եւ ոչ թէ ճառ կը խօսէին: «Մենք հայ ենք, բայց մեր հայութիւնը չպիտի պարտադրենք: Բոլոր ազգերու ազատութեան, անկախութեան կողմնակից ենք։ Թշնամի ենք բոլոր անոնց որոնք կը բռնաբարեն ազգերու իրաւունքները։ Ռուսիան եւ Թուրքիան մանր ազգերու սպանդանոց են եւ կամ բանտ, ատոր համար այդ երկուսի թշնամին պէտք է լինենք։ Բոլոր ճնշուած ազգերը մեր եղբայրներն են, լինին անոնք հայ, եզիտի, ասորի, հրեայ, քիւրտ կամ արաբ: Անոնց ազատութիւնը քաղաքակրթութեան, խաղաղութեան ազդակ է: Անոնց եղբայրութիւնը եւ իրարու հետ դաշնակցութիւնը՝ բռնակալութեան կործանման ազդակ»:

Այս ներշնչումները, զոր կ՚ընէին Ռոստոմն ու Յովնանը, օդի մէջ պարապի խօսքեր չէին մնար։ Անոնք արձագանգ կը գտնէին առաջին սերունդի հոգիներուն մէջ: Ատոր համար էր որ մեր առաջին մարտական խմբի ղեկավարը դարձաւ Ուտիացի Կուկունեանը, իսկ անոր իբր զինուոր՝ Ուրմիացի հրեայ մը, որուն անունը մոռցած եմ: Ատոր համար էր որ դէպի Երկիր գնացողներուն եւ իրենց արիւնը չխնայողներուն մէջ կային քիւրտեր Մստոյի եւ Աւդոյի նման եւ կային ասորիներ Գրէի եւ Սահակի նման : Այդ ներշնչման արդիւնքն էր, որ թաթար Բաղըր եւ Սաթթար խաներ դաշնակցեցան Նիկոլ-Դումանին եւ Քեռիին հետ , իսկ Բախտիար պարսիկները՝ Եփրեմին հետը։ Ատոր համար էր, որ բուռ մը հայեր Ռոստոմի շունչին տակը նոր ռէժիմի թթխմոր դարձան Պարսկաստանի մէջ, հակառակ ռուս կայսրութեան, հակառակ իշխող տարրերուն եւ, ուրախութիւն պատճառելով անոնց որոնք ազատ ժողովրդավար կարգեր կ՚ուզէին եւ կողմնակից էին Պարսկաստանի ազատութեան եւ յառաջդիմութեան:
Անոնք կ՚ըսէին. «Մենք Լուսաւորչական ենք եւ մեր աւանդութիւններն ունինք: Այդ՝ մեր խղճի գործն է, եւ չենք ուզեր, որ մէկը միջամտէ մեր խղճի գործին: Բայց մենք ալ խառնուելու չենք ուրիշներու խղճի գործին: Բոլոր կրօնները, դաւանանքները, մէջն առնելով եւ անկրօնութիւնը, խղճի մխիթարութիւններ են, ուրեմն այդ սփոփանքի մէջ թող ազատ լինին: Մենք շահագործուած ազգ եւ դասակարգ ենք։ Մեր շահն է լինել շահագործուողներու հետ եւ հակառակ լինել շահագործողներուն»:
(Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Հորիզոն տպարան, Գալիֆորնիա, 1952։ Ա. հատոր, էջ 393-398)

Թող ընթերցողը ներողամիտ ըլլայ, որ մէջբերումը երկար եղաւ, սակայն Ռուբէնի այս էջերը պէտք է առանց մեծ յապաւումներու կարդալ։ Մանաւանդ պէտք է զանոնք դարձեալ կարդալ, — յատկապէս երբ ժամանակները «դարձակէտային» են, — դարձեալ հաղորդակցուիլ հիմնադիր սերունդի մտածումներուն հետ։
Դաշնակցութեան ժլատ պատմագրութիւնը շատ բան չէ փոխանցած մեզի առաջին տասնամեակին մասին, Դաշնակցութեան կազմաւորման տարիներուն մասին, որոնք անոր յետագայ կենսունակութեան պատճառն են, այնպէս ինչպէս անձի մը աճման շրջանին մէջ պէտք է փնտռել անոր յետագայ, չափահաս տարիքի քաջառողջութեան թէ վատառողջութեան պատճառները։ Եթէ ծրագիրը Դաշնակցութեան ոգին է, ապա կանոնագիրը անոր մարմինն է, եւ անոր առողջութեամբ պայմանաւորուած է ոգիին թելադրանքները իրականացնելու Դաշնակցութեան կարողականութիւնը։ Իսկ Դաշնակցութեան կարողականութեան եւ իր 128-ամեայ կենսունակութեան մասին փաստաբանութեան կարիք չկայ. Դաշնակցութիւնը էր, կը մնայ եւ տակաւին պիտի մնայ հայ արդի պատմութեան ամենակայուն ներկայութիւնը։
Փաստօրէն, Դաշնակցութեան հիմնադիրները առաջին իսկ օրէն որդեգրեցին կազմակերպական լայն ապակեդրոնացման սկզբունքը, որ մինչեւ օրս կը մնայ Դաշնակցութեան աշխատանքային գլխաւոր ուղղութիւնը. Ընդհանուր ժողովները կը ճշտեն ընդհանուր ուղղութիւնը, շրջաններուն թողնելով այդ ուղղութեամբ ընթանալու պարտականութիւնը՝ ըստ իրենց կարողութիւններուն եւ տեղական պայմաններու առանձնայատկութիւններուն։ Եւ, ինչպէս Ռուբէն կ՚ընդգծէ, այդ գործելակերպի որդեգրման մէջ պէտք է փնտռել Դաշնակցութեան յետագայ կենսունակութեան գաղտնիքը։

Ռուբէն կ՚ըսէ նաեւ. «Դաշնակցութեան այս երկու հիմնադիրներու մասին շատ քիչ բան գիտենք եւ մեր գիտցածն ալ ընդհանուր խօսքեր են։ Յովնանին հազիւ անունը գիտենք, թէեւ անոր եւ Ռոստոմի կազմած ծրագիրն ու կանոնագիրը աւետարանի պէս անգիր գիտենք»։ Խոստովանինք, որ Ռուբէնի մահէն ետք մի քանի փորձեր եղան այդ երկու հիմնադիրներուն աւելի ծանօթանալու, նոյնիսկ իրենց գրութիւնները ամփոփուեցան եւ առանձին հատորներով հրատարակուեցան, բայց այս գրութիւնը կարդացողներէն քանի՞ հոգին ծանօթ են այդ հատորներու բովանդակութեան, դժուար է ըսել։ Նոյնիսկ եթէ ծանօթ ըլլային, դժուար է այդ գրութիւններուն ընդմէջէն գիտնալ, թէ ի՞նչն էր որ մղեց զիրենք որդեգրելու նման գործելակերպ մը։

Ռոստոմի կենսագրութեան որ նայինք, 1890-ականներէն առաջ ան ռուսական կայսրութենէն դուրս չէր եկած — ամենահեռաւոր կէտը՝ Վարշաւիոյ մօտակայ Նովօ–Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական ճեմարանն էր, ուր շրջան մը ուսանած էր։ Յովնան Դաւթեան քիչ մը աւելի աշխարհ տեսած էր, եւ 1887-էն 1891 ապրած էր Ժընեւ որպէս ուսանող։ Հաւանաբար Յովնանի այդ չորս տարին ազդած ըլլան իր աշխարհայեացքին վրայ եւ զայն անուղղելի ապակեդրոնական դարձուցած ըլլան ի տես Զուիցերիոյ ծայրայեղ ապակեդրոնացեալ վարչակարգի յաջողութիւններուն։ Իսկ Ռոստոմի մինչեւ այդ ատեն ունեցած կենսափորձէն կտրականապէս բացակայ է ցարական ռեժիմէն դուրս ոեւէ դրուագ։

Սակայն ինչպէ՞ս կարողացան այդ երկու երիտասարդները — 1891-ին Յովնան 26 տարեկան էր իսկ Ռոստոմ՝ 24, — համոզել նախ՝ իրենց ընկերները, որոնց հետ մէկ տարի առաջ հիմնած էին Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, ապա՝ ամբողջ շրջանի մը հայութիւնը եւ որոշ չափով ալ՝ օտարները, թէ գործունէութեան լաւագոյն ձեւը այդ է, ապակեդրոնն է, եւ ոչ միւս կուսակցութիւններուն որդեգրած կեդրոնաձիգ ձեւը։ Այդ վերջիններուն փորձը տակաւին ընթացքի մէջ էր. արմենականները այդ ատեն հազիւ 6 տարեկան էին, իսկ հնչակեանները՝ 4, հետեւաբար տակաւին կանուխ էր անոնց գործունէութեան ճիշտն ու սխալը քննելու, հաշուեկշիռը կատարելու։ Եւ միջավայրն ու հասարակութիւնը, ուր կը գործէին, ընդհանրապէս գաղափար չունէր ապակեդրոնացման մասին. Պարսկական, ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւնները, որոնց եռանկիւնին մէջ դատապարտուած էին գործելու հայ յեղափոխականները, դասական առումով բռնակալութիւններ էին, ուր բռնատիրոջ խօսքը՝ ըլլայ ան շահնշահ, ցար թէ սուլթան, համազօր էր աստուածային հրամանի։ Նոյնիսկ օսմանեան կայսրութեան միլլէթներու դրութիւնը, որ սահմանափակ ինքնավարութիւն կը շնորհէր կրօնական փոքրամասնութիւններուն, կը գործէր որպէս ի վերուստ շնորհուած դրութիւն, որ կրնար վերադասի քմահաճոյքով ակնթարթի մը մէջ վերանալ։

Դժուար է ընդունիլ, թէ միայն 26-ամեայ երիտասարդի մը՝ Յովնանի վկայութիւնը Զուիցերիոյ դրախտավայրութեան մասին բաւարար էր, որ մարդիկ հասկնային ապակեդրոնացման իմաստը եւ սկսէին զայն կիրառել։ Պատճառները պէտք է աւելի խորը որոնել։
* * *
Աւելի քան մէկ դար հեռաւորութենէն դժուար է այսօր վերականգնել 1890-ականներու հոգեվիճակները, հայութեան տարբեր հատուածներու խմորումներն ու խարխափումները։ Սակայն փորձենք արագ ակնարկով մը վերականգնել գաղափարական խմորումներու շղթան, որ պիտի հասցնէր 19-րդ դարու աւարտի ազգային ազատագրական շարժումներուն։

Այդ շղթային առաջին օղակը անկասկած պիտի գտնենք 1677-ին, Էջմիածնի մէջ գումարուած գաղտնի ժողովին, որուն գլխաւոր արդիւնքն էր Իսրայէլ Օրիի անդաստանական կեանքը յաջորդող տասնամեակներուն, ինչպէս նաեւ Դաւիթ բէկի ապստամբութիւնը 1720-ական թուականներուն։ Անոնք աւելի շատ աւատապետական կարգերու վերջին ցնցումներն էին հայ իրականութեան մէջ քան նոր դարաշրջանի մը սկզբնաւորումը։

Հայ քաղաքական մտքի արդի հանգրուանի մեկնակէտ պէտք է ունենալ 1773 թուականը, երբ Մատրասի մէջ (Հնդկաստան), Շահամիր Շահամիրեան կը հրատարակէր «Որոգայթ փառաց» գիրքը, օտար լուծէն ազատագրուելիք հայութեան մը պետականութեան նախագիծի սեւագիր մը եւ առաջին փորձը ոչ-աւատապետական՝ ընտրովի կարքուսարքի մը ուղղութեամբ։ Անշուշտ հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ չէր, որ հայ կազմակերպ կեանքի ծաղկումը պիտի կայանար, այլ Շահամիրեանի մտքերը առեւտրական ճանապարհներով պիտի աշխարհի շրջանը կատարէին եւ հասնէին Կ.Պոլիս, ուր այդ տասնամեակներուն կը մոլեգնէր պայքարը ամիրաներուն՝ մեծահարուստներուն եւ էսնաֆին՝ արհեստաւորներուն միջեւ։ Առաջինները կը կազմէին կիսա-աւատապետական վերնախաւը, որ Պատրիարքին հետ համատեղ մի քանի հարիւրամեակ կառավարած էր Օսմանեան կայսրութեան հայութիւնը հաշուետու ըլլալով միայն սուլթանին, իսկ երկրորդը կը ներկայացնէր համեստ մեծամասնութիւնը, որ կը ձգտէր իր խօսքը ունենալ համայնքի կառավարման մէջ։
Հայ իրականութեան առաջին իսկական յեղափոխութիւնը կայացաւ 1860-ին՝ երբ որդեգրուեցաւ արեւելքի առաջին ժողովրդավար ընկերային դրոյթը՝ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։1863-ի մարտի 17-ին, օսմանեան իշխանութիւնները կը հաստատէին անոր թէկուզ <մաքրաջրուած> յօդուածները եւ ան կը դրուէր գործադրութեան։

Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումը, հակառակ իր կիրառման ծիրի սահմանափակութեան, մեծ շրջադարձ էր հայուն համար։ Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, բացարձակապէ՛ս առաջին անգամ ըլլալով, անհատ հայը կ՚ունենար քուէի իրաւունք, կ՚ունենար իր ներկայացուցիչները ընտրելու իրաւունք, կ՚ունենար իր տեղական հարցերը ի՛ր կողմէ ընտրուած մարմիններու կողմէ տնօրինելու իրաւունք։ Եւ, մանաւանդ, կ՚ունենար իր ընտրեալներէն հաշի՛ւ պահանջելու իրաւունք։ Ան նաեւ կը բանաձեւէր ժողովրդավարական կառոյցի տարբերակ մը, որ շատ յարիր է մեր հաւաքական հոգեբանութեան, այն աստիճան յարիր, որ ան կը գոյատեւէ ցայսօր Սփիւռքի նման խայտաբղէտ միջավայրի մը մէջ, առանց որեւէ պետական կամ այլ լծակներու օգնութեան։
Ազգային Սահմանադրութեամբ ուրուագծուած եւ հաստատուած ժողովրդավարութեան տարբերակը գուցէ «յետամնաց» թուայ այսօր, — անուղղակի ներկայացուցչականութիւնը, շատ ալ ի պատուի չէ մեր օրերուն, — սակայն ըստ երեւոյթին մեր պայմաններուն ու հոգեբանութեան յարիր է, այլապէս մէկուկէս դար չէր յարատեւէր ի հեճուկս ամեն տեսակի խոչընդոտներու։ Ազգային շէնքի օղակներու բարձրացումը ներկայացուցչական — երեսփոխանական — ձեւով, երբ իւրաքանչիւր օղակ կ՚ընտրէ իր տարածքի կառավարութիւնը՝ վարչութիւնը, թաղականութիւնը կամ մասամբ նորին, եւ ներկայացուցիչներ կ՚ընտրէ միայն յաջորդ օղակին համար, ուր անոնցմով գոյացած ժողովը իր հերթին կ՚ընտրէ իր կառավարութիւնը՝ իր տարածքին համար, եւ ներկայացուցիչներ յաջորդ օղակին համար, այնքանով յաջող է եւ յարիր մեր բնաւորութեան ու հոգեբանութեան, որ որդեգրուած է մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ, առնուազն անոնց կողմէ որոնք յաջողած են ժողովրդական լայն հիմքի վրայ կառուցել իրենց կազմակերպական շէնքերը եւ դիմացած են առնուազն երկու սերունդ։

Ուշադրութեամբ կարդալով Ազգային Սահմանադրութեան յօդուածները, փորձելով հասկնալ իւրաքանչիւր մանրուք թուացող մանրամասնութեան գոյութեան պատճառը, մարդ կրնայ միայն հիացում զգալ անոր հեղինակներուն նկատմամբ. անոնք կրցան, առանց ծայրայեղութիւններու մէջ իյնալու, մեծ նրբանկատութեամբ, եկեղեցւոյ նման կեդրոնաձիգ, նախա-միջնադարեան, հայրապետական, իշխանութիւնը վերէն վար գործադրող կառոյցի մը հետ միահիւսել ժողովրդավար, ապակեդրոն, իշխանութիւնը վարէն վեր գործադրող կառոյց մը, որ իր էութեամբ հակապատկերն է առաջինին։ Եւ այս ամենը, հաշուի առնելով նաեւ երրորդ գործօնի մը՝ Օսմանեան իշխանութիւններու ծանր ազդեցութիւնը։

Զարմանալի չէ ուրեմն, որ որ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը Դաշնակցութեան համար պիտի որդեգրէր կառոյց մը, որ ընդօրինակուած էր Ազգային Սահմանադրութենէն, պարզապէս անոր կրօնական բաժինը զանց առնելով, եւ «ազգային» յղացքը փոխարինելով «կուսակցական» յղացքով։ Ի վերջոյ, Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակները կը պատկանէին այն նոյն սերունդին, որ ռուսական կայսրութեան տարածքին պիտի բարձրացնէին ազատութեան դրօշը եւ ծանր վճարէին անոր գինը։ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի ուսուցիչները նալպանտեաններն ու պատկանեաններն էին, սերնդակիցներն ու յաճախ անձնական ծանօթները Սահմանադրութեան հեղինակներուն՝ ռուսինեաններուն, օտեաններուն, պալեաններուն, սերվիչէններուն, աղաթոններուն, իւթիւճեաններուն ու բազում այլ ազգայիններուն։
Ազգային Սահմանադրութեամբ ուրուագծուած ապակեդրոն գործելակերպն է, — ամենաստորին մակարդակին տալ ամբողջական եւ աշխատող մարմին ունենալու, որոշումներ կայացնելու եւ զանոնք գործադրելու իրաւասութիւնը, իսկ յաջորդ մակարդակը կազմել ստորին մակարդակի ներկայացուցիչներէն — վարէն վեր բարձրացող այս շէնքն է որ հնարաւոր դարձուցած է Դաշնակցութեան ե՛ւ կենսունակութիւնը, ե՛ւ դիմադրականութիւնը, ե՛ւ անգլխատելիութիւնը՝ ղեկավարի չէզոքացմամբ ամբողջ շէնքը անդամալուծելու անկարելիութիւնը։ Անոր կառոյցը, — ինչպէս իր նախատիպար Ազգային Սահմանադրութիւնը, — կը բխի հայ ժողովուրդի ըմբռնումներէն, յարիր է անոր հոգեբանութեան, եւ բնականաբար որպէս այդպիսին պիտի յաջողէր իր շուրջ համախմբել ազգի կենսունակ տարրերը եւ հունաւորել անոնց ճիգերը։
Հետեւաբար, Ռոստոմի եւ Յոնանի առաջադրած ապակեդրոն գործելակերպը ոչ միայն չէր հակասէր ժողովուրդի իղձերուն եւ ձգտումներուն, այլ ամբողջութեամբ համահունչ էր անոնց հետ եւ անոնց յաջողութեան գաղտնիքը ուղղակի այդ է։

* * *

Վերոշարադրեալի լոյսին տակ, կրնանք գուցէ քիչ մը աւելի հասկնալ ներկայի հակադաշնակցական մոլուցքի դրդապատճառները. Հայաստանն այսօր, ինչպէս երեկ եւ աւելի առաջ, կը գտնուի մեծապետական հաշիւներու բախման խառնարանին կեդրոնը, հիւսիսէն հարաւ իջնող եւ արեւմուտքէն արեւելք ձգտող երկու հակոտնեայ ուղղութիւններու տրամախաչութեան վրայ։ Արտաքին բոլոր ուժերը կը ձգտին հոն տեսնել «կառավարելի» կամ առնուազն «հակակշռելի» կառավարութիւն։

Դաշնակցութիւնը անկառավարելի եւ անհակակշռելի է իր էութեամբ իսկ. Դաշնակցութեան գերագոյն իշխանութիւնը ոչ օրուան ղեկավարներն են, ոչ ալ անոնց ընդդիմադիրները, անոնց աթոռներուն յաւակնորդները։ Ռոստոմի եւ Յոնանի հիմնաւորած կառոյցի բերմամբ, Դաշնակցութեան գերագոյն իշխանութիւնը իր Ընդհանուր ժողովն է, որուն պատգամաւորները կու գան աշխարհի չորս ծագերէն, աշխարհաքաղաքական տարբեր տարածքներէ եւ այդ իսկ պատճառով դժուար է ոեւէ մէկ արտաքին գործօնի անոնց վրայ ամբողջական ազդեցութիւն ունենալ։ Ինչպէս վերոնշեալ բարեկամս կ՚ըսէր այլ բառերով, Դաշնակցութեան ղեկավարները չեն անոր կառոյցի ուժականութեան պատճառը, այլ կառոյցն ինքն իր մէջ ունի ուժականութիւն մը, որ ոչ թէ գումարն է անոր տարբեր մասերու կարողութեանց, այլ յաճախ անոնց բազմապատկութիւնը։ Այս եղած է սարսափը Դաշնակցութեան բոլոր հակակիրներուն հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալին, այս է սարսափը Դաշնակցութեան ներկայ հակակիրներուն, այս է սարսափը նաեւ արտաքին բոլոր ուժերուն, որոնք յայտնի եւ անյայտ միջոցներով կը խրախուսեն հակադաշնակցական մոլուցքը։

Իսկ երբ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի գումարել իր գերագոյն ատեանի՝ Ընդհանուր ժողովի նիստերը, հոն՝ ուր պիտի բանաձեւուի Դաշնակցութեան ուղղութիւնը յաջորդ քառամեակին համար, բնաւ զարմանալի չէ, որ հակադաշնակցական վայրահաչութիւնները հասնին «էքսթազ»ի աստիճանի, գերեզմաններէն դուրս հանուին հին ու նոր ուրուականներ, վերաթարմացուին տասնամեակներ առաջ Չեկայի գրասենեակներուն մէջ թխուած ստայօդ յերիւրանքներ, «սոցիալական» ցանցերը ողողուին այդ անճոռնի երգչախումբի ոռնոցներով ու կաղկանձներով։
Որովհետեւ չեն ուզեր, որ ժողովուրդը լսէ Դաշնակցութեան խօսքը, չեն ուզեր որ ժողովուրդը ունկնդրէ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի պատգամը, յաջորդ քառամեակի ուղղութեան ուրուագծումը։
Որովհետեւ Դաշնակցութեան ուրուագծելիք ուղղութիւնը ոչ Արեւմուտքինն է, ոչ Արեւելքինը, ոչ Հիւսիսինը, ոչ ալ Հարաւինը, այլ կը բխի մէկ եւ միակ մեկնակէտէ մը՝ ամբողջական հայութեան ամբողջական շահերու պաշտպանութենէն։

Որովհետեւ, դժբախտաբար, Դաշնակցութեան հակակիրներուն համար ամբողջական հայութիւն յղացքը խորթ է, անհասկնալի է եւ անըմբռնելի։ Գիւղական աքլորներու նման, իրենք իրենց փոքր աղբակոյտերով գոհ են եւ ուրախ, իսկ Դաշնակցութիւնը իրենց եւ իրենց տէրերուն համար գլխացաւանք է, ալիքները խառնող։

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մոնթրէալ

Տպել Տպել