Ո՞վ Է Դաշնակցականը (Վերահարստացման Փորձ)

ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.- Դաշնակցականի կերպարի բիւրեղացումը եւ զարգացումը Հ.Յ.Դաշնակցութեան կենսագրութեան սերտօրէն շաղկապուած է։ Այդ կերպարին մասին դաշնակցական բազմաթիւ մտածողներ իրենց հեղինակաւոր խօսքը ըսած են։ Սակայն վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս Արցախի ազատագրումը, Հայաստանի վերանկախացումը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ սեփակա՛ն պետութեան մէջ գործելու պատմականօրէն արժէքաւոր հանգամանքը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային քաղաքական թէ գաղափարական զարգացումները կ՛ընդգծեն Դաշնակցականի կերպարին նոր որակ մը նուաճելու անհրաժեշտութիւնը։
«Դրօշակի»ի այս սիւնակները կը բանանք յատուկ այս նիւթը, տեսաբանական այս թեման քննարկելու նպատակով։ Այս սիւնակը հաստատելով, մեր նպատակը չէ քաղաքական, վարքագծային կամ ռազմավարական խնդիրներու արծարծումը, առանց ուրանալու այս խնդիրներուն կարեւորութիւնը միջազգային ու հայկական աշխարհի թոհուբոհին մէջ։
Այս տրամաբանութեամբ ալ, լիայոյս ենք, որ դաշնակցական մտաւորականութիւնը այս սիւնակներուն մէջ նոր խօսք պիտի ունենայ ըսելու՝ ամէն բանէ առաջ հարստացնելու համար Դաշնակցականի կերպարը իր բոլոր բաղադրամասերով։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

————————————————

Ո՞վ Է Դաշնակցականը (Վերահարստացման Փորձ)

Հ.Յ.Դաշնակցութեան ստեղծած արժէքային համակարգին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն գաղափարական ու աշխարհահայեացքային պատկերացումները։ Մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ նոյն այս գաղափարական մտածողութենէն բխած քաղաքական մտածողութիւնը ու ատոր արդիւնք՝ առաջադրանք-նպատակները։

Հսկայական գրադարան մը կը լեցնեն Դաշնակցութեան արտադրած գաղափարական թէ քաղաքական միտքի արգասիքը հանդիսացող տեսաբանական գործերը՝ Վարանդեանէն մինչեւ Ռուբէն, Ս. Վրացեանէն մինչեւ Նաւասարդեան, ու մինչեւ Հրաչ Տասնապետեան ու Սարգիս Զէյթլեան։

Այս բոլորին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Դաշնակցականի (գլխագիր Դ-ով) կերպարը բնութագրող մտածողներ՝ Ռուբէնէն սկաեալ մինչեւ այն սերունդը, որ 1960ականներու աւարտէն սկսեալ ու գրեթ երեսնամեակ մը, վարեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկը։ Այսինքն, Հրայր Մարուխեան, Հրաչ Տասնապետեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան, որոնք իրենց աշխատութիւններով, խմբագրականներով թէ հանրային ելոյթներով բնութագրեցին դաշնակցականի կերպարը ու անոր գաղափարական աշխարհը։

Մէկ խօսքով, դաշնակցականի մտակառոյցը, այդ անհատին ներքին էութիւնն ու կերպարը բնութագրող գաղափարական հարուստ ենթահող կայ։ Այս բոլորը կը միահիւսուին ու կը բխին Հ.Յ.Դաշնակցութեան ոչ միայն Ծրագիրէն ու Կանոնագիրէն, այլ նաեւ պատմութենէն, գաղափարաբանութենէն, աւանդութիւններէն, անգիր օրէնքներէն, դաշնակցականի իմացական թէ բնազդային դրսեւորումներէն, որոնք տասնամեակներու ընթացքին ստեղծած են ամուր հենք ու պատուանդան։

Այս նոյն հենքը, այսօրուան հայկական թէ միջազգային զարգացումներու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է ոչ միայն պահպանելը, այլ նաեւ զայն նոր տարրերով հարստացնելը։ Տարբեր խօսքով, այս պատուանդանին վրայ նոր շերտեր աւելցնելու պարտաւորութեան տակ է դաշնակցական Միտքը։ Ճիշդ է, Սփիւռքի մէջ, յատկապէս 1970ական-80ական տարիներուն, մեր երիտասարդութեան գաղափարականացումը եւ քաղաքականացումը նոր փուլ նուաճեցին, շնորհիւ Հայ դատին ի նպաստ մղուող պայքարին։ Ընդունելով հանդերձ, որ նոյն այդ մթնոլորտը եւ իմացական պատրաստուածութիւնը իրենց բարերար դերը խաղացին Արցախեան ազատագրական շարժումին ընթացքին, այսուհանդերձ, մենք կը գտնուինք նոյն այդ Դաշնակցականի կերպարին գաղափարական խարիսխին վրայ քար մը եւս աւելցնելու անհրաժեշտութեան դիմաց։

Իսկ ի՞նչ են այս պարտաւորութիւնը ընդգծող ազդակները։

Վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին, հայկական աշխարհէն ներս երկու շատ աչքառու դրական զարգացումներ արձանագրուեցան, որոնք դաշնակցական Միտքին վրայ տակաւին իրենց դրական, խորքային ու մանաւանդ համատարած հետքը չեն ձգած։

Առաջինը հայկական հողի, բռնագրաւուած հայրենի հողին ազատագրումին փաստն է, Արցախի ազատագրական շարժումին իբրեւ արդիւնք։ Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր առաջին անգամը ըլլալով, հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ հայրենի հող ազատագրել ու ընդարձակել հայրենիքին սահմանները՝ իբրեւ խարիսխ գալիք Միացեալ Հայաստանի։ Ասոր մէջ Հ.Յ.Դ.ի դերակատարութիւնը, գաղափարական, քաղաքական ու գործնական-մարտական առումներով, առանցքային պէտք է համարել։ Սա վիճայարոյց հաստատում չէ։

Երկրորդը այսօր, 1991էն ասդին, Հ.Յ.Դ.ն դարձած է հայկական սեփական պետութեան մէջ գործող կուսակցութիւն՝ ի դէմս մինչեւ այդ թուականը միայն սփիւռքի մէջ սահմանափակուած ըլլալուն՝ շատ յստակ պատճառներով։

Դաշնակցական անհատին ներքին հոգեկերտուածքը, մտածողութիւնը կամ կերպարը անհրաժեշտ ու համապատասխան չափով չէ զարգացած այս երկու անկիւնադարձային իրադարձութիւններու բարերար ազդեցութեամբ։

Դաշնակցականի «սփիւռքեան» հոգեկերտուածքը, բնական թափով, Հ.Յ.Դ.ի՝ Հայաստանի, հայրենիքի՛ մէջ գործունէութեան դաշտ մտնելու բերումով, ներմուծուած է անկախ պետական կառոյցով յատկանշուող Հայաստանի մէջ. այսինքն այն Հայաստանի մէջ, ուր ի տարբերութիւն սփիւռքի, պետականութեան ենթադրած խաղի նոր կանոններ կան, թէ՛ վարչական կառավաման, քաղաքական եւ թէ մանաւանդ՝ պատասխանատուութեան իմաստներով։ Բարեբախտաբար, 1991էն ասդին, հայաստանաբնակ դաշնակցականի հոգեկերտուածքը կը գործէ (կամ առնուազն կը ձգտի գործելու) ըստ այս նոր խաղի կանոններուն։ Սփիւռքի մէջ սակայն, այս բարեշրջումին նշանները տակաւին շատ սաղմնային են, երբեմն ալ՝ անգոյ։

Հետեւաբար, դաշնակցականի կերպարը հասարակ յայտարարի բերելու անհրաժեշտութիւնը շատոնց է որ կը զգացուի։

Երրորդ կէտը այն է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն վերջ, դրամատիրական աշխարհակարգը (իր նէօլիպերալ կամ նէօպահպանողական թեւերով. երկուքն ալ տեղ մը կը նոյնանան) հետզհետէ ստացած է աւելի վայրագ ու ընչաքաղց նկարագիր։ Ասոր կը միանայ ելեւմտական դրամատիրութեան ներկայ ընթացքը, ուր աշխատաւոր-արտադրող դասակարգը լուսանցքէն դուրս մղուելու ընթացքի մէջ կը գտնուի։

Ասոր վրայ կ՚աւելնայ նաեւ նոյն այս աշխարհակարգի ապագաղափարական վարքագիծը, որ կը ձգտի համաշխարհային իմաստով «համահարթեցման»՝ գաղափարաբանութիւնները չէզոքացնելու ճամբով աշխարհը վերածելու միայն ու միայն մէկ ու մեծ շուկայի մը, ուր կարելի է բնական պաշարներէն օգտուիլ՝ նուազագոյն գիներով եւ արտադրութիւններ վաճառել առաւելագոյն գիներով։ Մէկ խօսքով, «դրամատիրական պոլշեւիզմ»ի դրսեւորումներու ճամբով, համաշխարհային ընկերային-տնտեսական կարգուսարքը կը սպառնայ ազգերու եւ ժողովուրդներու ազգային, հոգեմտաւոր ու մշակութային ինքնուրոյնութեան։ Ասոր դէմ պայքարի միակ գաղափարական հէնքը կը մնայ ընկերվարութիւնը ու հայկական իրականութեան մէջ՝ Դաշնակցութեա՛ն դաւանած ընկերվարութիւնը։

Այս ընդհանուր միջավայրը իր ժխտական ազդեցութիւնը կը ձգէ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ դաշնակցական մարդու հոգեկերտուածքին վրայ։ Տարբեր խօսքով, վտանգուած է դաշնակցական մարդու դիմագիծը, ներաշխարհը, մտակառոյցը, որովհետեւ ան (ինչպէս ամբողջ հայութիւնը ու բազմաթիւ ուրիշ ժողովուրդներ) ենթակայ կը մնայ ապազգային ու վայրագ դրամատիրական ուժերու ուժեղ քարոզչութեան։

Հետեւաբար, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը գտնուի ոչ միայն այս երեւոյթին դէմ պայքարին, այլ՝ դաշնակցական մարդու հոգեկերտուածքի բիւրեղացումին լուրջ գործին դէմ յանդիման։

Տարբեր խօսքով, յենելով մեր գաղափարական ու հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան վրայ, մենք խնդիր ունինք նաեւ (ու մանաւանդ)՝ հարստացնելու նոյն այդ ժառանգութիւնը, վերոնշեալ երեք հիմնական կէտերու լոյսին տակ։

Եւ ուրեմն, քննարկման այս սիւնակներով, շեշտադրումը պիտի կատարուի մտածուած խօսք ու միտք փոխանցելու (ի հարկին բանավէճով) գաղափարին վրայ։

Այս սիւնակով ալ կը սկսինք մեր երթը։

«ԴՐՕՇԱԿ»

Տպել Տպել