Հայկական Սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ։ Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու, Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները։ Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային։
Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ Հայկական Սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն կազմող օրկանական գոյութիւն։ Այդ նպատակային կեցութեան հենքը կը հանդիսանայ գաղափարական առաջադրանքներու դրութիւն մը, որու բաղադրիչ յենարանները եղած են հայեցի ինքնութեան պահպանումը, մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը եւ սեփական անկախ հայրենիքի իրագործումը։ Այս բաղադրիչ յենարանները իրենց լաւագոյն արտայայտութիւնը գտան Փարիզի մէջ 1924 Նոյեմբերէն մինչեւ 1925 Յունուար կայացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 10րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներով։
Հակառակ հայրենիքի պետական նաւի խորտակման (խորհրդայնացման) փաստին, պետութեան գոյութեան իմաստը մարմնաւորող անկախութեան եւ հողային ամբողջութեան գաղափարը կը մնար կենդանի։ Դաշնակցութեան համար այդ գաղափարը կանգուն պահելու եւ հետապնդելու գործը իր ճիտին պարտքն էր, ճիշդ այնպէս ինչպէս ի՛րը եղած էր ազգային ազատագրական պայքարի առաքելութիւնը՝ 35 տարիներ առաջ։
Շնորհիւ այդ գաղափարական ենթահողին, Հայկական Սփիւռքի գաղթօճախները՝ իրենց պայմաններու ընձեռած կարելիութեանց սահմաններուն մէջ կազմակերպուեցան, կառոյցներ ստեղծեցին, եղան գործօն, եղան նախաձեռնող։ Անոնք գործեցին տասնամեակներ՝ միշտ ոստում մը աւելի կատարելով դէպի նպատակային թիրախներ, միշտ յարմարուելով պայմաններուն, միշտ արդիականացնելով գործելաձեւն ու կառոյցները։
Ցաւով ներկայիս կը վկայենք այն ձեւականութիւնը, անտարբերութիւնը եւ կրաւորականութիւնը, որոնք մշուշապատած են մեր գաղթօճախներն ու անոնց կառոյցները։
Կար ժամանակ երբ Սփիւռքը ազգային-քաղաքական օրակարգ ունէր։ Այդ օրակարգը հետապնդելու կամքն ու կարողութիւնը ունէր։ Զայն գործադրելու համար ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտ տեսութիւնն ու միտքը ունէր։ Մշակուած ծրագիրը գործադրելու համար անհրաժեշտ մարդուժն ու միջոցները գտնելու կարողութիւնը ունէր։
Ի տես անցեալի այդ ցուցաբերուած ուժականութեան, հարց պէտք է տալ թէ ու՞ր է այսօր Սփիւռքի ազգային-քաղաքական օրակարգը։ Մամուլի էջերէն թէ այլ հանրային միջոցներով ինքնագովաբանութիւններն ու լուսապատկերները չեն կրնար այդ օրակարգը ըլլալ։ Ընկերային բնոյթի հաւաքոյթները եւ ճաշկերոյթներու ձեռնարկները չեն կրնար համազօր նկատուիլ ազգային-քաղաքական օրակարգի։
Գաղափարը կենդանի պահելու եւ անոր իրականացումը վերանուաճելու առաջադրանքը հիմերն էին մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին։ Հայ Դատը Սփիւռքի պահպանման գոյութեան իմաստն էր։ Անոնց շնորհիւ Սփիւռքը մնաց կայուն եւ յարատեւող։ Անոնց շնորհիւ Սփիւռքը ստեղծեց կառոյցներ, որպէսզի դիմակալէ իր դէմ ցցուող դժուարութիւնները՝ միաժամանակ հետապնդելով մեր ազգային-քաղաքական օրակարգը։
Հայ Դատի դէմ Թուրքիոյ, ինչպէս եւ փոքր, միջակ թէ մեծ պետութիւններուն կողմէ բարձրացուած լռութեան պատին դիմաց, Սփիւռքը յաւելեալօրէն կազմակերպեց ինքզինք, յաւելեալ կառոյցներ ու աշխատանքի ծրագրեր մշակեց։ Մինչեւ իսկ Սփիւռքը կամք ու մարդուժը արտաբերեց՝ վերադառնալու համար մեր յեղափոխական աւանդներուն։
Հիմա անցած կը թուին ըլլալ մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին ի խնդիր նոր կամքի ու վերակազմակերպման ոգին եւ տրամադրութիւնը։ Գտած ենք դիւրին ճանապարհը՝ դիմելով անմիջականը բաւարարելու եւ անձնականին յագուրդ տալու տրամադրութեան։
Հետեւաբար, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Սփիւռքը սկսած է փլի՞լ։ Անթոյլատրելի, այլեւ աններելի է այդ հարցումէն թելադրուող պատասխանը։
Սփիւռքը պէտք է վերականգնի, որ կարելի է միայն իր սեփական կարողականութեամբ։ Միայն վերականգնած Սփիւռքն է, որ կրնայ գործնապէս վառ պահել ու հետապնդել գաղափարը։ Վերականգնելու համար պէտք է կրկին անգամ քաղաքականացնել ու յեղափոխականացնել Սփիւռքը՝ իր մտայնութեամբ, գործելակերպով եւ կառոյցներով։
Միայն այդ պայմաններով է, որ կրնանք ուս ուսի տալ հայրենիքին եւ Արցախին։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ