Ամբողջական ուժերով

khmbagrakanԻրականութեան չի համապատասխաներ խորհրդայնաբոյր այն կարծիքը, թէ նորագոյն պատմութեան մէջ հայոց անկախ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ ուրիշներու կամքով: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ կովկասեան տարածաշրջանէն ներս խմորուած կացութիւնները իրենց դերակատարութիւնը ունեցան հայութեան ճակատագրի ուղղութեան տեսանկիւնէն. ատիկա երբեք չի նշանակեր սակայն, թէ անոնք միակ տուեալն էին հայոց պետականութեան վերածնունդին:

Պատմական տուեալ է, թէ ամէն անգամ երբ առիթը ներկայացաւ, Հայաստան անկախացաւ իր աշխարհացրիւ ժողովուրդի միասնական պայքարին մէջ նետուած ուժերով: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ռուսական ուժերու փախուստը կովկասեան ճակատէն ստեղծեց առիթներէն առաջինը, եւ Հայաստան անկախ պետութիւն դարձաւ միջազգային բեմէն դարերու բացակայութենէ մը ետք: Ի՞նչ կ’ըլլար սակայն կացութիւնը, եթէ հայութիւնը ամբողջական ուժերով չստեղծէր Սարտարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան: Ուղղակի անհեթեթ է ոմանց կողմէ շարունակուող այն պնդումը, թէ Մայիս 28ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ ստեղծած պետական կառոյցն էր, քանի անոր հետապնդած ծրագիրը ակնբախօրէն հայութեան ամբողջական բնաջնջումն էր: Իսկ նախորդ դարու վերջաւորութեան Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառներէն մէկը ազգային հարցն էր, որ կորպաչովեան ազատութեան ծլարձակումէն անմիջապէս ետք իր արտայայտութիւնը գտաւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ձեռնարկած ազատագրական պայքարով: Այդ պայքարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ ամբողջական հայութեան ամբողջական ուժերու ամբողջական լարումով:

Նոյն տրամաբանութեամբ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր յաջող կերպով կ’ընթանայ նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործը: Այդ հարցի շուրջ գոյացած համահայկական համաձայնութեան շնորհիւ է, որ երկրագունդի կառավարիչները չեն յանդգնիր այլեւս այդ խնդիրը կրկին իրենց փոշոտած դարակներուն մէջ տեղաւորելու. ատիկա ընելու ցարդ կատարած իրենց բոլոր փորձերը ձախողած են:

Պարզ է ուրեմն: Հայութեան նման փոքր ժողովուրդները միջազգային քաղաքական բեմին վրայ կը յաջողին, երբ միասնակա՛ն ազգային ծրագիրով ու ճիգով կը ներկայանան այդ բեմի գլխաւոր դերասաններուն ու բեմադրիչներուն: Այլապէս՝ իրենց պայքարունակութիւնը դիւրաւ առիթ կու տայ ներքին աղիտալի պայքարներու: Այդ պաճառով է, օրինակի համար, որ հայութեան քաղաքական ընդդիմադիրները առիթ չեն փախցներ ուղեղալուացքային բոլոր մեթոտներու գործադրութեամբ մեզ ու աշխարհը համոզելու, որ Ցեղասպանութեան հարցին ընկալման ու հետապնդման շուրջ հայրենի հայութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը տարակարծիք են: Յստակ է, որ մէկ բռունցքի չարենցեան սկզբունքը ուժեղներն իսկ կը վախցնէ:

Հետեւաբար հայութեան լինելութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է բովանդակ հայութեան բովանդակ կարողականութեան օգտագործումը. սակայն ո՛չ միայն ռազմական օրհասական ժամանակներու, այլ՝ տեւապէս. նաեւ՝ քաղաքական-դիւանագիտական առօրեայ պայքարին մէջ:

Հայաստան ամբողջացուց իր նորագոյն անկախ պետական կառոյցի առաջին քսանամեակը՝ բաւական դժուար պայմաններու մէջ: Որեւէ անկախ պետութեան պարագայի նման Հայաստանի Հանրապետութեն անկախութիւնը նոյնպէս տուեալ չէ, այլ գոյանալէ ետք կը նուաճուի ամէնառօրեայ տաժանագին պայքարով: Զարմանալի բան չկայ այս իրականութեան մէջ: Պետութիւնը, անհատի նման, ապրող-շնչող էակ է. որեւէ անզգուշութիւն եւ ընկրկում կրնայ սպառնալ մինչեւ իսկ անոր գոյութեան: Իր գոյութեան երրորդ տասնամեակը թեւակոխած ըլլալով հանդերձ հանրապետութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ կայացած չէ. ան կը դիմագրաւէ հարցեր, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է պետականութիւնը ամրապնդող այլեւայլ ծրագիրներու գործադրութիւնը, յաճախ՝ անոնց պատրաստութիւնը: Առանց արդիական պետութեան մը բոլոր ստորոգելիներու տիրացման Հայաստան իբրեւ անկախ պետութիւն իր գոյութիւնը երկար ատեն շարունակելու ի վիճակի չէ: Իսկ անկախ պետականութիւնը ժամանակի մէջ ազգի ու իր մշակոյթի գոյութեան հիմնական երաշխիքն է: Հայկական պետական կառոյցներու զօրութենէն, որակէն, մրցունակութենէն կախեալ է անոր ապագայ գոյութիւնը: Հետեւաբար հայկական հաւաքականութեան ինքնութեան պահպանումը՝ շատ կարեւոր չափով:

Ուրեմն պատասխնատուութիւնը բոլորին է: Հայաստանի պետութեան յարատեւման համար պատասխանատու է ամբողջ հայութիւնը. հայրենի հայութիւնը եւ աշխարհացրիւ ամբողջ հայութիւնը:

Տպել Տպել