Յունաստան ամիսներէ ի վեր կը ղեկավարուի Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ իր օրինակը չունեցող ձախակողմեան կառավարութեան մը կողմէ: Աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր տնտեսական գրեթէ տեւական ճգնաժամը արիւնաքամ ըրած է պետութիւն եւ ժողովուրդ: Երբ եւրոյի իբրեւ հասարակաց դրամանիշ որդեգրման օրերուն Յունաստան հպարտօրէն եւրոգոտի կը մտնէր, ժողովրդային տօնախմբութիւն էր: Այսօր այդ նոյն պատճառով երկիրը մոխիրներու վրայ նստած է եւ ատենէ մը ի վեր կ’ապրի իր ապագայի վերաբերմամբ անորոշութեան մէջ: Ո՞վ է պատասխանատուն այս վիճակին: Ինչպէ՞ս խոստացուած դրախտը անդունդի եզերքի վերածուեցաւ: Միայն Յունաստա՞նն է այդպէս: Այս ու նոյնանման հարցումներուն երկար, սպառիչ ու ամէն ճաշակի համար յարմար պատասխաններ տրուեցան մանաւանդ այն պահերուն, երբ ճգնաժամը իր մէկէ աւելի յաջորդական գագաթնակէտերուն հասաւ: Մեր օրերուն այդ ճգնաժամը հասած է իր բարձրագոյն կէտը սպառնալով թէ՛ երկրին, թէ՛ ցամաքամասին: Երկրին՝ որովհետեւ յաջորդ օրուայ քաոսը աննախատեսելի ելք կրնայ ունենալ: Ցամաքամասին՝ որովհետեւ եւրոպական համարկման երազը ուժեղ հարուած կը ստանայ այս նուրբ հանգրուանին, երբ անդին իր ծայրամասը տարիէ մը ի վեր նորէն բռնկած է: Գերմանական վերամիաւորման հայրը նկատուող նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլ առիթով մը ըսած էր՝ «Եւրոյին վրայ գուրգուրացէ՛ք: Ատիկա միայն դրամանիշ չէ. ատիկա խաղաղութեան եւ պատերազմի հարց է». նոյն կարծիքին է միւս Հելմութը՝ Շմիթը, որ ատենին հանդիսացաւ առաջինի ամենէն փայլուն մրցակիցը եւ նոյնքան յաջող վարչապետ եղած է:
Եւրոպական միութիւնը տասնամեակներու ընթացքին քայլ առ քայլ կառուցուեցաւ ցամաքամասը վերջնականօրէն փրկելու համար ներքին բախումներէն: Միայն 20որդ դարու ընթացքին Եւրոպան երկու ահաւոր պատերազմներու պատճառով գրեթէ ամբողջապէս քանդուեցաւ: Սկսելով արեւմտեան Եւրոպայէն համարկումը տարածուեցաւ նաեւ արեւելքի վրայ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն կարճ ատեն ետք: Իսկ մինչ այդ որդեգրուած հասարակաց դրամանիշը՝ Եւրոն համարկումը աւելի եւս ամրապնդելու իբրեւ միջոց պիտի ծառայէր: Այսօր վտանգը կայ, որ նոյն այդ դրամանիշը ցամաքամասի տարբաղադրման պատճառի վերածուի:
Պարտատէրերու ներկայացուցիչներու եւ Յունաստանի կառավարութեան մէկ պատուիրակութեան բանակցային վերջին նիստը սկսելէն կարճ ատեն ետք՝ անարդիւն աւարտեցաւ: Նիստի ձախող աւարտէն ետք Յունաստանի երիտասարդ վարչապետը ըրաւ յայտարարութիւն մը, որուն ամփոփումը հետեւեալն է. «Հինգ տարիներէ ի վեր (Յունաստանի եւ իր պարտատէրերուն միջեւ կայացած.ՄՄ) համաձայնութիւններէն բխող շարունակական կողոպուտէն ետք թոշակները անգամ մը եւս կրճատելու պարտատէրերու կողմէ պահանջի պնդումին մէջ միայն ու միայն քաղաքական նպատակներ կը հետապնդուին: Յունական կառավարութիւնը բանակցութիւններուն կը ներկայանայ պատրաստուած ծրագրով եւ փաստարկուած հակաառաջարկներով: Համբերութեամբ պիտի սպասենք, որ պարտատէրերը իրապաշտութեամբ մօտենան հարցերուն: Իսկ եթէ ոմանք լուծումի մը հասնելու մեր փափաքը եւ երկու կողմերու միջեւ տարբերութիւնները կամրջելու ուղղութեամբ մեր առած քայլերը մեր տկարութեան կ’ուզեն վերագրել, թող մտածեն հետեւեալը. մենք մեր ուսերուն վրայ միայն պայքարներու երկար պատմութեան մը կրողը չենք: Մեր կռնակին վրայ նստած է ժողովուրդի մը արժանապատւութիւնը, բայց նաեւ՝ Եւրոպայի ժողովուրդներու յոյսը: Այս բեռը շատ ծանր է զայն անտեսել կարենալու համար: Ասիկա գաղափարաբանական յամառութեան հարց չէ: Ժողովրդավարութեա՛ն հարց է:
Ժողովրդավարութեան ծնունդ տուած վայրին մէջ մենք ժողովրդավարութիւնը թաղելու իրաւունք չունինք»:
Այս յայտարարութեան մասին կարելի է զանազան կարծիքներ ունենալ՝ դրականէն մինչեւ բացարձակ ժխտական. մեծամիտ, խիզախ, ապերախտ, անպատասխանատու, պատերազմի դատարկ յայտարարութիւն, գաղափարական, զգացական, յուսահատական, անիրական, երեխայական եւ ուրիշ շա՜տ ածականներ իրենց հիմնաւորումներով մէկտեղ: Բոլոր կարծիքներուն մէջ հասարակաց կէտ մը անպայման պիտի ըլլայ սակայն: Այն է, թէ Ա.Ցիփրասի եզրակացութեան մէջ արտասովոր նորութիւն չկայ: Միացեալ Եւրոպայի կառոյցներուն մէջ ժողովրդավարութեան հարց չկայ: Եւրոպայի ժողովուրդներուն կողմէ ներկայացուցչական կարգով Եւրոպական Խորհրդարանը հիմնական դերակատարութիւն ունեցողը չէ տակաւին: Միութեան անդամ երկիրները շատոնց զարգացուցած ըլլալով հանդերձ աշխարհի կարելի ամենէն ժողովրդավար վարչաձեւերը, իրենց կազմած Միութիւնը շատ հեռու է ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներէն. Եւրոպական կառոյցները կազմուեցան տնտեսութեան եւ ֆինանսներու հանդէպ բացարձակ հաւատքով՝ առաւելագոյն շահը ապահովող նպատակներով եւ ատոնց առաւելագոյն ձեռքբերման առաջնորդող համակարգերով: Ժողովրդավարութիւնը տեղ չունի Եւրոպայի միութենական կառոյցներուն մէջ: Այդ կառոյցներէն ներս «ժողովուրդի արժանապատւութիւն» արտայայտութիւնը իմաստէ զուրկ է. ան գոյութիւն չունի, որպէսզի իմաստ մը ունենայ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ճշմարիտ է, որ լուծումը քաղաքական կրնայ ըլլալ միայն: Տնտեսական ոլորտին մէջ համաձայնութիւն մը կարելի չէ, քանի մէկ կողմը կը խօսի քաղաքացիի տարրական կարիքներու բաւարարման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ միւսը կը մէջբերէ համակարգիչներու փսխած երկարապատում թիւերն ու վիճակագրութիւնները: Իսկ քաղաքական ոլորտին մէջ խնդիրը ա՛լ աւելի կը բարդանայ ի վնաս Յունաստանի եւ իր ժողովուրդին, որովհետեւ ներկայ կառավարութեան վրայ կեդրոնացած են եւրոպական բոլոր երկիրներու կառավարութիւններու գիշատիչ նայուածքները: Յունաստանի ներկայ՝ ժողովրդավարութեան օրէնքներու բացարձակ յարգումով ընտրուած իշխանութեան տէրն է չնաշխարհիկ ձախակողմեան շարժում մը, որ մեծ դիւրութեամբ կրնայ վարակիչ դառնալ, եթէ յաջողութեամբ պսակուի այս օրերուն Եւրոպայի հսկաներուն դէմ իր տարած դաւիթեան կռիւը:
Եւրոպայի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն ինքզինք գտնել ու սահմանել փորձող քաղաքական Ձախը ծաղկելու առիթ մը ունի ներկայիս: Սպանիոյ մէջ համապատասխան շարժումը գնահատելի յառաջընթաց արձանագրեց վերջին տեղական կառավարման ընտրութիւններու ընթացքին: Ընկերվարութեան տետրակները ծալլած ու մէկ կողմ նետած ու դեռ ընկերվարական անունը պահած կուսակցութիւնները ամենէն բիրտ հակառակորդներն են այս նոր շարժումներուն. վերջ ի վերջոյ այդ շարժումներու յաջողութենէն հիմնական վնասողները պիտի ըլլան վայրի ու վայրենի դրամատիրութեան պնակալէզներու վերածուած այդ ընկերվարականները: Իսկ մնացեալներու՝ աջերու եւ այլ պահպանողականներու ժխտական դիրքորոշումները արդէն չեն զարմացներ:
Հետեւաբար ներկայ հանգրուանին յոյն ժողովուրդի միակ յոյսը կրկին եւրոպական կառոյցներու անկատարութիւններն են, որոնք պատասխանատուները կը մղեն վերջին վայրկեանին իրաւախոհական(«կոմպրոմիսային») ժամանակաւոր լուծումներ որդեգրելու. այսինքն մղձաւանջի շարունակութիւն՝ մինչեւ յաջորդ ճգնաժամային գագաթնակէտ: Յետոյ Աստուած մեծ է:
Մկրտիչ Մկրտիչեան