Երիտասարդութեան խնդիրը

Երիտասարդութիւնը, բնական է, հաւաքականութեան մը ապագայի՝ ներկայի մէջ արդէն երեւցող պատկերն է: Եթէ կայ լաւ պատրաստուած երիտասարդութիւն, ապա տուեալ հաւաքականութիւնը իր ապագան լաւատեսութեամբ կ’ընկալէ. եթե չկայ, ապա հասարակութեան ապագայի վերաբերմամբ անորոշութիւն կը տիրէ:Յստակ է հաւաքականութեան մը համար, ուրեմն, կրթական-դաստիարակչական մարզի կարեւորութիւնը: Հասարակութիւնը իր երիտասարդութիւնը կը պատրաստէ իր պատկերով, իր նպատակներու իրագործումը տեսնելու առաջադրանքով, իր ապագայ գոյութիւնը ապահովելու ինքնապահպանման մտահոգութենէն թելադրուած բնազդային կամ գիտակցական ներքին մղումով:

Զանց առնելով առայժմ հաւաքականութեան մը ներքին շերտերն ու անոնց շահերու տարբերութիւնները կարեւոր է սահմանել նախ հաւաքականութիւնը: Արդ, եթէ ժամանակին այդ սահմանումի տարազումը բաւական դիւրին ու նոյնքան դիւրաւ ընկալելի հարց էր, մերօրեայ պայմաններուն մէջ ատիկա չափազանց դժուար բան է: Երիտասարդութիւնը, բառին ամենէն լայն իմաստով, ինքնութեան տագնապ մը կ’անցնէ. աւելի ճիշդ՝ ան կը գտնուի մէկէ աւելի ինքնութիւններու բարդումով յառաջացած որոգայթին մէջ. զուտ ազգային, շրջանային, համամարդկային եւ անոնց համապատասխանող քաղաքակրթական-մշակութային բոլոր ինքնութիւնները միասին:

Հակառակ այս շփոթին, սակայն, նորագոյն արհեստագիտական յեղափոխութեան արդիւնքներու հիմնական կրողը այսօրուայ երիտասարդութիւնն է. ներառեալ՝ հայ երիտասարդութիւնը: Ուրեմն երիտասարդութեան ձե՛ռքն է միջոցը, որ կրնայ ծառայել աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու գործին. կրնայ նաեւ գործածուիլ զայն քանդելու համար: Մարդկային կեանքի ներկայ հանգրուանին երիտասարդութիւնը ամենազօր է: Արհեստագիտական իր լայն պատրաստութեամբ երիտասարդութիւնը առօրեայ յաճախականութեամբ ամենազօրեղ պետական կառոյցներու գլխացաւ կը պատճառէ՝ զանոնք վարկաբեկելով ու հասցնելով ծիծաղելիութեան սեմին: Իրեն կը պակսի սակայն տեսական-գաղափարական պատրաստութիւնը, որ նախապայման է նպատակասլաց գործունէութեան մը համար:

Համաշխարհային առումով երիտասարդական ըմբոստութեան մը համար առարկայական պայմանները ատենէ մը ի վեր առկայ են, սակայն համընդհանուր բողոքի ճիչը միայն պարագայական է եւ արագօրէն շնչասպառ կ’ըլլայ: Սպանիոյ զայրացածներու շարժումը շաբաթներ տեւելէ ետք կորսնցուց իր ուժգնութիւնը. յոգնեցաւ: Յունաստանի երիտասարդական-ուսանողական պոռթկումները իրենց տեղը տուին դասական սենտիքայական՝ շարժումներուն նկատի առնելով երկրի ապրած տնտեսական ողբերգութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Ուոլ Սթրիթը գրաւել ու բուռն երթերն ու նստացոյցերը վերածուեցան զանգուածային լրատուական միջոցներու հերթական ցուցադրութիւններու: Չմոռնանք նաեւ, որ արաբական գարուն ընդհանուր վերնագիրը կրող ցնցումներու ազդանշանը տուաւ ընկերային անարդարութեան զոհը դարձած թունուզցի երիտասարդի մը ինքնահրկիզումը. այդ ուրիշ, որ ատոր յաջորդած հասարակական առողջ շարժումները այլասերելով կ’առաջնորդեն այլ տեղեր:

Այս բոլոր վրիպումներուն պատճառը յստակ չէ՞արդեօք: Նշուած եւ այլ շարժումներուն հասարակաց թերութիւնը նոյնն է. անոնց կը պակսին յստակ նպատակ ճշդող գաղափարական ստորոգելիները, որոնք երաշխիքը պիտի հանդիսանային անոնց յարատեւութեան՝ տեւապէս վերանորոգելով անոնց դիմադրողականութիւնը: Պարապ տեղը չէ, որ գերազատականութեան ջատագովներն ու անոնց վարձկան գրիչները աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր կը փորձեն սպաննել երիտասարդութեան յատուկ գաղափարականութիւնը՝ այդտեղ ճիշդ կերպով տեսնելով իրենց յետպատերազմեան շրջանին կրած պարտութեան հիմնական պատճառները: Փաստն այն է, որ յեղափոխութեան մը համար պայման հանդիսացող առարկայական կարմիր գիծերը շատոնց բռնաբարուած են, բայց երիտասարդաութեան տատամսոտ յեղափոխութիւնը առայժմ միայն զոհեր տալով զբաղած է: Ընկերային արդարութեան ու հասարակական զօրակցութեան նիւթերով դեռ չորս տասնամեակներ առաջ ողողուած հաւաքական յիշողութիւնը ահաբեկուած է: Այդ յիշողութիւնը պարզապէս սրբուած է գերազատական յաղթական շրջանակներու տուած տնտեսական տեւական բարօրութեան խոստումներով ու շուկայական դրութեան ինքնահաւասարակշռական հրաշափառ կարողութիւններու գովաբանութիւնը կատարող համաշխարհային կառավարիչներու տուած հաւաստիքներով: Այսօր, ճիշդ է, տնտեսական տագնապը չափազանց ծանր է. թագաւորը մերկացած է, բայց իր դիմացը կուռ բռունցքի փոխարէն կը տեսնէ հսկայական հարցման նշան մը: Այդ հարցման նշանն է, որ հարկ է վերածել հաստատակամ շեշտի:

Ոչ միայն հացիւ, այլեւ՝ բանիւ. ասիկա՛ է ընկերային յեղափոխութիւններու տիեզերական զուգահեռը: Յաջողելու համար երիտասարդական շարժումը պէտք ունի նպատակներու յստակեցման: Նպատակները կը յստականան տեսական աշխատանքով: Այսինքն՝ նախորդ դարու վաթսունական-եօթանասունական թուականներու հաւաքական յիշողութեան վերադարձով. անշուշտ՝ անոր վերանորոգուած մէկ տարբերակով, որ նկատի առնէ արդի պայմանները:

Տպել Տպել